Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ՎԵՆԵՏԻԿ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքարանի Տեղեկատուութեան եւ հրատարակչութեան բաժանմունքներու պատասխանատու Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան այսօր կը մեկնի Վենետիկ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ ան այս ուղեւորութիւնը կ՚իրականացնէ՝ մասնակցելու համար Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մայրավանքէն ներս կազմակերպուած գիտաժողովի մը։

Մինչ ներկայիս Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր՝ Մխիթար Աբբահօր յոբելեանը կը նշուի, միեւնոյն ժամանակ, սա առիթ կը դառնայ զանազան ձեռնարկներու։ Այս ամբողջին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն ներս Աստուածաշունչի վերաբերեալ միջազգային կարեւոր գիտաժողով մը կազմակերպուած է։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներն ալ հրաւիրուած են այս գիտաժողովին։ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը կը ներկայացնէ այս գիտաժողովի օրերուն։

Հարկ է նշել, որ անցեալ ամրան ալ Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ հայկական ձեռագրերու վերաբերեալ գիտաժողով մը կազմակերպուած էր եւ այդ փուլին ալ աշխատանքներուն ներգրաւուած էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներն ու Մխիթարեան միաբանութիւնը։ Այսինքն, այս հոգեւոր կեդրոնները գիտական բեմահարթակի վրայ լուրջ կշիռ ունին՝ իրենց մօտ ի պահ դրուած նուիրական աւանդներուն բերումով։

Կը նախատեսուի, որ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի ուղեւորութիւնը տեւէ շուրջ շաբաթ մը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2024