ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ԱՒԱՆԴԸ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ վերջերս Պոլիսէն անցաւ իր գրքի շնորհանդէսին առթիւ, քաղաքէս հրաժեշտ առնելէ վերջ հրապարակած է ամփոփ տպաւորութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Ուրբաթ, 22 նոյեմբեր 2024-ին, Արտան եւ ես առիթն ունեցանք այցելելու Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը։ Ան պոլսահայ եւ հայկական իրականութիւններու համար ունեցած է ու տակաւին ունի կրթական ու դաստիարակչական մեծ առաքելութիւն։ Բաւարար է շրջագայիլ դպրոցի տարբեր մասերը՝ ապրելու համար հայկական Պոլիսը իր ամբողջութեանը մէջէն։ Կեդրոնականը եղած է մեր գրական-մտաւորական ու ազգային մեծ հեղինակութիւններու դարբնոցը։ Եթէ մէկ կողմէ կը դիտես նկարները մեր ազգային կեանքը կերտած մեծ անհատականութիւնները՝ բայց նոյնքան նաեւ կու գաս յարգանքի տուրքը մատուցելու Մեծն Կոմիտասի, որուն դաշնամուրը տակաւին կը մնայ սրահի մէջ ու կը գործէ։ Մեր ազգին մէջ անոնք եղած են մեծեր, որոնք հայուն պատմութիւնը դրած են իր շարունակական գործընթացին մէջ։ Եւ Կեդրոնական վարժարանը ու անոր առաքելութիւնը, իրականութեան մէջ, մէկ ապրող վկայութիւնն է այս պատմութեան շարունակականութեան։
Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանի նուիրական առաջնորդութեամբ՝ Կեդրոնական վարժարանը կը շարունակէ իր կրթադաստիարակչական առաքելութիւնը՝ Պոլսոյ հայ նոր սերունդին ջամբելով հայեցի դաստիարակութիւն։ Արտան եւ ես ուսուցիչներուն հետ ունեցանք հանդիպում-զրոյց մը, որու ընթացքին խօսեցանք եւ ներկայացուցինք ազգային մեր ամբողջական մշակոյթի անհրաժեշտութիւնը եւ մայրենի լեզուի պահպանումի մարտահրաւէրը։ Այս հաւաք-ներկայացումին մասնակցեցան նաեւ Պոլսոյ Էսաեան վարժարանի հայերէնի եւ կրօնի ուսուցիչները։ Հանդիպման ժամանակ տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան։
Հայ դպրոցի դերը ու անոր առաքելութեան անփոխարինելի գրաւականը դարձեալ կը շեշտուի։ Հայ նոր սերունդը պէտք է պահել՝ պահելով հայ դպրոցը։
Վարձքը կատար Կեդրոնականի ու Պոլսոյ մեր հայկական կրթական ցանցին։ Անոնք հաստատ կեցած են իրենց առաքելութեան մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024