Հինգշաբթի 26, Յունիս 2025
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Հանդէսի առաջին բաժինը կեանքի կոչուեցաւ յարակից Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ այլ պատասխանատուներ։ Փոքրիկները ծափահարութեան արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
Եզրափակիչ փուլին փոքրիկները ստացան նուէրներ, սարքուեցաւ նաեւ բացօթեայ ընդունելութիւն մը։
Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022