ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Տասնամեակներէ ի վեր Մկրտիչ Սերթշիմշէք Պոլսոյ, Հայաստանի եւ սփիւռքի այլ բազմաթիւ օճախներէն ներս բարի համբաւ կը վայելէ՝ եկեղեցիներու սուրբ անօթներն ու սրբազան իրերը խնամելով ու ներկայանալի, փայլուն տեսքի բերելով։ Ան այս ծառայութիւնը սիրայօժար կը կատարէ՝ ըստ իր ուխտին։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին Մկրտիչ Սերթշիմշէք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նուիրեց «Անդադար ծառայութիւն 60» հատորի առաջին օրինակը։ Այս գիրքը կը վերաբերի իր կեանքին ու գործունէութեան՝ մանաւանդ մեր եկեղեցիներու պայծառութեան ի նպաստ տարած աշխատանքի լոյսին տակ արժանացած գնահատանքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց ստանալով Մկրտիչ Սերթշիմշէքի գիրքը եւ ջերմ զրոյցի ընթացքին գնահատեց անոր վաստակն ու նախանձախնդիր աշխատանքը։