ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Կը տեղեկանանք, որ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ առցանց ոգեկոչում մը կազմակերպուած է նորոգ հանգուցեալ գիւղագիր եւ հրապարակագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի յիշատակին։ Հոգելոյս Մկրտիչ Մարկոսեան եղած է Կեդրոնականի 1957 թուականի շրջանաւարտներէն եւ այսօր իր հասած հաստատութիւնը արդէն կը կազմակերպէ իր վերյիշման համար համացանցային միջավայրի մէջ ձեռնարկ մը։ Սա լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ արժեւորելու համար թէ՛ իր բարի յիշատակը եւ թէ հարուստ կենսագրութիւնը, բազմակողմանի գործունէութիւնով հանդերձ։ Ձեռնարկը նախատեսուած է ուրբաթ, ժամը 21.00-ին, Zoom-ի վրայով։ Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս ձեռնարկին, կրնան հետեւիլ Zoom ID: 368 797 2018 յղումին, 2018 ծածկագրով։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022