«ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐՈՒՆ ՅԱՐԳԱՆՔ» ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Սահակեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Առասպելներուն յարգանք» մինի ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն արժանացաւ մարզասէրներու հետաքրքրութեան։ 12 խումբ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, որու կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին՝ Զատիկ Սարըեան, Արամ Էվաթօղլու, Կարօ Ինկիլլի եւ Եղիա Չաւիք։

Եզրափակիչ փուլը արդէն մարզական խրախճանքի մթնոլորտին մէջ անցաւ։ Վեթերաններն ալ հանդէս եկան՝ վերակենդանացնելով մարզասէրներու յուշերը։ Աւարտական խաղը տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի եւ «Քոտիա»ի միջեւ։

Եշիլգիւղցիները հասան առաւելութեան եւ իրենց ախոյենութեան բաժակը ստացան՝ ձեռամբ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Խաչիկ Էօզտեմիրի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022