ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցան Վաքըֆներու փոխ-ընդհանուր տնօրէն Հայրուլլահ Չելեպիի հետ։ Այս տեսակցութեան լուսանկարը երէկ յետմիջօրէի ժամերուն շրջանառութեան մէջ մտաւ ընկերային ցանցերու վրայ՝ մինչ նոյն առցանց հարթակներու վրայ կը հաղորդուի, որ սա եղած է քաղաքավարական այցելութիւն մը, որու ընթացքին շատ կարեւոր խնդիրներ արծարծուած են։

Պէյօղլուի կամ Օրթագիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն կողմէ այս զրոյցին շուրջ որեւէ պաշտօնական հաղորդում չէ կատարուած։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2024