ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP) հովանաւորութեան ներքեւ շաբաթավերջին կարեւոր քննարկում մը կազմակերպուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան մեր համայնքային հաստատութիւններու առկայ շարք մը ելմտավարչական խնդիրները։ Նկատի ունենալով, որ համապատասխան օրէնսդրութեան մէջ կը կա-տարուին զանազան փոփոխութիւններ եւ կամ նախապէս որոշուած նոր ընթացակարգերուն գործադրութեան փուլերը վրայ կը հասնին աստիճանաբար, պէտք է արձանագրել, որ այդ խնդիրները զանազան առումներով կը համարուին հրատապ։
VADİP-ի հովանիին ներքեւ կազմակերպուած խորհրդակցութեան հիմնական մասնակիցներն էին՝ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններուն մօտ ելմտական հարցերու եւ կալ-ւածոց գծով պատասխանատուութիւն ստանձնած անդամներն ու մասնագէտները։ VADİP-ի ելմտական յանձնախումբի անդամները վերոյիշեալներուն հետ գլուխ գլխի տալով նախ ընդհանուր ախտաճանաչում մը կատարեցին՝ վերահասու դառնալով իւրաքանչիւր հաստատութեան պարագային որդեգրուած ուղիին եւ արդիւնքներուն։
Բուն հարցը այն է, որ միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուի մեր վարժարաններուն համար տնտեսական ձեռնարկի կարգավիճակ սահմանելու հարցը։ Ինչպէս VADİP-ի վերջին շրջաններուն զանազան քննարկումներուն ընթացքին ալ մատնանշուած է, այս հեռանկարը կրնայ ունենալ թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական հեռանկարներ։ Հիմնական նրբութիւնը այն է, որ եթէ այդպիսի կարգավիճակ մը սահմանուի, ապա մեր եկեղեցիներու եւ վարժարաններու կառավարումը իրարմէ պիտի տարանջատուի։ Բայց եւ այնպէս, տնտեսական ձեռնարկ դաս-ւելու իմաստով ալ մեր վարժարանները լիարժէք չեն համապատասխաներ չափանիշներուն։ Արդարեւ, մեր դպրոցները թէեւ կը դասուին «մասնաւոր»ներու շարքին, սակայն չունին յստակ սակագին մը եւ աշակերտաց ծնողներու նուիրատուութիւններով կը ջանան մուտք ապահովել իրենց պիւտճէին։ Որքան որ ալ այդ նուիրատուութիւնները կրեն պարբերական բնոյթ, սա բաւարար չ՚ըլլար վերջնականօրէն որպէս գանձում հաշուի առնուելու համար, որովհետեւ եթէ նոյնիսկ բոլորը համահաւասար ձեւով եւ կարգապահութեամբ կատարեն այդ նուիրատուութիւնները, ապա մեր վարժարաններու պիւտճէները դարձեալ հեռու կը մնան հաւասարակշռուած ըլլալէ, առաւել եւս, որ անոնք արդէն չեն ղեկավարուիր շահ հետապնդելու մտայնութիւնով։
Թուրքիոյ օրէնսդրութեան ընդհանուր տրամադրութիւններով, վագըֆները հարկատու չեն եւ շնորհիւ այս երեւոյթին մեր վարժարաններն ալ կը համարուին տրազուրկ։ Եթէ տնտեսական ձեռնարկի մը կարգավիճակը սահմանուի, ապա առնուազն անոնց պարագային անհրաժեշտութիւն պիտի ստեղծուի աւելացուած արժէքի հարկ (KDV) վճարելու ուղղութեամբ։ Կարգ մը վարչայիններ այս կէտին վրայ անհրաժեշտ կը նկատեն յաւելեալ աշխատանք տանիլ, որպէսզի մեր դպրոցները մասնաւոր կարգադրութիւնով մը զերծ պահուին KDV-է։
Խորհրդակցութեան մասնակիցները նկատի առին նաեւ ուրիշ կարեւոր խնդիր մը, որ կը վերաբերի համայնքային հաստատութիւններու վարձակալման շնորհիւ ապահովուած հասոյթին։ Արդարեւ, եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները թէեւ տրազուրկ են, սակայն եկեղեցապատկան կալուածներու վարձակալութեան հասոյթէն տուրք կը գանձուի։ Մեր հաստատութիւններուն վարչայինները ունին այն համոզումը, թէ այստեղ հակասական երեւոյթ մը գոյութիւն ունի եւ պատկան իշխանութիւններուն հետ շփուելով այս բոլորը պէտք է յաղթահարուին։
VADİP-ի կողմէ կազմակերպուած քննարկումը շարունակուեցաւ գրեթէ օրուան ողջ տեւողութեան եւ մեր ազգայինները կարծիքներ փոխանակեցին՝ թեքնիկ մանրամասնութիւններով բաւական ծանրաբեռնուած օրակարգի մը առանցքին շուրջ։