ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐԸ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ա­ւան­դա­կան Խա­ւի­ծի օ­րը ե­րէկ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու տակ կա­յա­ցաւ կրթօ­ճա­խի ըն­դար­ձակ պար­տէ­զին մէջ։ Մտեր­միկ սե­ղան­նե­րու շուրջ ե­կած էին հա­մախմ­բուիլ վար­ժա­րա­նի վա­րիչ­նե­րը, հին ու նոր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, կրթա­կան մշակ­նե­րը, ա­շա­կերտ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան հայ­րե­րուն՝ Մագ․ Հ․ Սար­գիս Ծ․ Վրդ․ Էր­մէ­նի ու Հ․ Յա­կով­բոս Ծ․ Վրդ․ Չօ­փու­րեա­նի։ Հրա­ւի­րեալ­նե­րու կար­գին էր նաեւ Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն։ Օ­րուան հան­դի­սա­վարն էր վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ Քո­լին Չեմ­պէր, որ բա­րի գա­լուստ յայտ­նե­լէ ետք, բարձ­րա­խօ­սը տրա­մադ­րեց հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճեա­նին, տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեա­նին, Սա­նուց միու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեա­նին ու հուսկ Հ․ Յա­կով­բոս Ծ․ Վրդ․ Չօ­փու­րեա­նին, ո­րոնք ար­տա­սա­նե­ցին ի­րենց սրտի խօս­քե­րը։ Այ­նու­հե­տեւ ամ­պիո­նին մօտ հրա­ւի­րուե­ցան 50-ա­մեա­կի, 45-ա­մեա­կի ու 40-ա­մեա­կի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք ստա­ցան ի­րենց յու­շա­նուէր­ներն ու պա­տուոյ գի­րե­րը։ Պա­տուոյ գի­րեր ստա­ցան նաեւ մին­չեւ 60-ա­կան թուա­կան­նե­րը նա­խակր­թա­րա­նի բաժ­նէն շրջա­նա­ւարտ ի­գա­կան սե­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Յու­շա­նուէր մը յանձ­նուե­ցաւ նաեւ Ա­լէն Եա­քա­րին, որ սրտա­բուխ նուի­րա­տուու­թիւն մը կա­տա­րած էր վար­ժա­րա­նին։ Հա­ճե­լի օ­րուան ըն­թաց­քին կա­յա­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015