ՊԷԶՃԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ
Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտները երէկ հերթական անգամ համախմբուելով վերյիշեցին իրենց դպրոցական տարիները։ Երէկ առաւօտ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան շրջանաւարտից հաւաքը։ Ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուած զանազան սերունդներէ պէզճեանցիներ ապրեցան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։ Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Անդէրաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն, Գումգաբուի ընտանիքէն զանազան դէմքեր եւ հիւրեր։ Սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Մինաս Տէմիր եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Լեռնա Եաղեազանի։ Ելոյթներ ունեցան վարժարանի տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան եւ սանուց միութեան վարչայիններէն Դալար Ավճը։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ արտասանեց Տիանա Չիլինկիրեան։ Սանուց միութեան նուագախումբը գործադրեց յայտագիր մը, Նարօտ Տէմիրճիօղլուի մեներգներուն զուգահեռ։
Բաժակի պահուն բոլորը ողջունեցին երիցագոյն եւ կրտսերագոյն պէզճեանցիները. յանձինն՝ յայտնի նկարչուհի Մառլէն Թէքիրտաղլըճանը եւ փոքրիկն Հերա Արսլանը։
50-ամեայ եւ 25-ամեայ յոբելեար դասարանները եւս սիրով շրջապատուեցան բոլորին կողմէ։ Յոբելեար շրջանաւարտներուն անունով ելոյթ մը ունեցաւ Այլին Թոքէր։ Ներկաները ողջունեցին նաեւ երէց շրջանաւարտներէն Սիրանոյշ Պիրիճիքը, որ Միացեալ Նահանգներէն փութացած էր մասնակցելու այս աւանդական հաւաքոյթին։ Պէզճեանցիները շրջանաւարտից օրուան տեւողութեան հեռակայ դրութիւնով կապ հաստատեցին նաեւ իրենց արտասահմանի դասընկերներուն հետ, մինչ այդ Լեռնա Եաղեազան ծաղկափունջ մը ստացաւ Լուսի Ավճըի ձեռամբ։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի խօսքով։