ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԿԱՅՈՒՆ ԵՒ ՈՒՐՈՅՆ ՁԵՒՈՎ ԲԱՑ ՊԻՏԻ ՊԱՀԷ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վճռած է կայուն ընթացքով տեւականացնել Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութիւնը։ Երբ ներկայ կրթական շրջանը աւարտելու վրայ է, թաղային խորհուրդը փափաքած է համայնքային շրջանակները տեղեակ պահել իր այս տրամադրութեան շուրջ, որպէսզի 2015-2016 եղանակի վերամուտին ընդառաջ, մասնաւորապէս արձանագրութիւններու սեմին հանրային կարծիքին միտքը չպղտորի՝ առկայ զանազան շշուկներուն բերումով։
Ծանօթ է, որ վերջին շաբաթներուն Թոփգաբուի ընտանիքը կ՚ապրի անցումային շրջան մը։ Նկատի ունենալով, որ թաղային խորհուրդը տասնմէկ տարի գլխաւորելէ վերջ իր պաշտօնէն հրաժարած է յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան՝ համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնն ալ կեդրոնացած է Թոփգաբուի վրայ։ Ուրախառիթ է տեղեկանալ, որ անցումային այս հանգրուանին թաղային խորհուրդը կը պահպանէ իր ամբողջականութիւնը ու միահամուռ կամքով կը ձգտի կայուն հունի մը մէջ ապահովել Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի կրթադաստիարակչական առաքելութեան տեւականացումը։ Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ թաղային խորհուրդը Մոնիք Երկանեանի հրաժարականէն վերջ կազմած է նաեւ իր նոր դիւանը եւ այս շրջագծով ատենապետի պաշտօնը վստահուած՝ Մուրատ Չաքանի, որ նախապէս ստանձնած էր փոխ-ատենապետի դերը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի թաղային խորհուրդին ներկայացուցիչները, որոնք յարմար դատած էին ներկայ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ իրենց դրական պատգամը փոխանցել մեր մամուլին եւ ընդհանրապէս մեր համայնքին։ Ինչպէս միշտ, հաճելի էր Թոփգաբուի ընտանիքի վարչայիններուն հետ զրոյցը։ Արդարեւ, անոնք աշխատանք կը ծաւալեն հանապազօրեայ պայքարի, օրհասական հրատապութեան տրամադրութեամբ, հետեւաբար իրենց մէջ միշտ տեսած ու ողջունած ենք՝ պատրաստակամ համայնքային վարիչներու կերպարը։ Մոնիք Երկանեանի հրաժարականին զուգահեռ շրջանառութեան մէջ մտած լսումները հերքելով՝ անոնք յայտնեցին, թէ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը ո՛չ պիտի փակուի եւ ոչ ալ պիտի միանայ Պէզճեան Մայր վարժարանին հետ։ Այս կրթօճախը պիտի շարունակէ բաց պահել իր դռները ու պիտի շարունակէ հիւրընկալել մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերու ընտանիքներուն զաւակները։ Թաղականները ուզած են այս ուղղութեամբ լուսաբանել բոլոր ծնողները՝ կանխելու համար մտքերու պղտորութիւնն ու հաւանական շփոթութիւնները։
Թոփգաբուի թաղականները ընդգծեցին, որ խոր երախտագիտութիւն կը տածեն Մոնիք Երկանեանի նկատմամբ եւ իր հրաժեշտէն վերջ որոշած են առաջնորդուիլ՝ անոր գլխաւորութեամբ որդեգրուած սկզբունքներով։ Նոր դիւանի կազմաւորումը եկած է երաշխաւորել թաղային խորհուրդին միասնականութիւնը։ Նոր ատենապետին գլխաւորութեամբ, բոլոր անդամները յանձնառու են նոյն եռանդով յառաջ տանիլ իրենց պատասխանատու աշխատանքը։ Մտասեւեռումներու շրջանէ մը վերջ, իրենց բազմակողմանի որոնումներու լոյսին տակ, թաղականները հնարաւորինս հասունցուցած են նաեւ ապագայի ուղղեալ իրենց տեսլականը։ Անոնց հաշուարկները կը կատարուին լաւատես սպասումներով՝ միշտ վայելելու համար համայնքին զօրակցութիւնը ի նպաստ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին, որ միայն հինգ տարի վերջ պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 200-ամեայ յոբելեանը։ Թաղային խորհուրդը միեւնոյն ժամանակ, լաւատեսութեամբ տոգորուած է՝ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւններուն բերումով։ Արդարեւ, Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը խոստացած է շարունակել իր բոլորանուէր աջակցութիւնը։ Ուրիշ բարերար մը՝ Բարսեղ Սարայլը մասնակցած է թաղային խորհուրդի վերջին ժողովին եւ նոյնպէս յայտնած է իր նեցուկը։ Թոփգաբուցիները կ՚ապաւինին նաեւ նեցուկին՝ այն շուրջ քառասուն շրջանաւարտներէ բաղկացեալ երիտասարդաց խումբին, որ գոյացած է սանուց միութիւն մը կազմելու ուղղեալ որոնումներու միջավայրին մէջ։
Խորքին մէջ այս անցումային շրջանը անխուսափելի էր Թոփգաբուի ընտանիքին համար։ Ուշ կամ կանուխ պիտի ապրուէր այժմու կացութիւնը եւ հիմա արդէն եկած է այդ պահը։ Աւելի՛ն. ներկայ իրավիճակը Թոփգաբուի ընտանիքին տեսակէտէ կը համարուի աննախընթաց ու վիթխարի փորձաքար մը, որմէ յաջող դուրս գալը պիտի ծնի նոյնքա՛ն մեծ հնարաւորութիւն մը, որովհետեւ անբաղդատելիօրէն պիտի ամրապնդուին անոր դիրքերը։
Տասնմէկ տարի առաջ, Մոնիք Երկանեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը անդունդի եզրէն փրկեց Թոփգաբուի վարժարանը։ Անցնող տասնամեակին դպրոցը ո՛չ միայն գոյատեւեց, այլ նաեւ կայացաւ հնարաւորինս։ Պարզ է, որ ամէն տեսակ ղեկավարութիւն կը մարմնաւորուի իր գլուխը գտնուող անձին մէջ։ Թոփգաբուի թաղային խորհուրդի պարագային ալ այդ խորհրդանշանը դարձած էր Մոնիք Երկանեան, թէեւ ան միշտ եղած էր խմբային աշխատանքի մը ջատագովը, հաւատք կը տածէր համախումբ ջանքերու արգասիքին նկատմամբ։ Ան մեծ ուշադրութիւն եւ զգայնութիւն կը ցուցաբերէր, որպէսզի Թոփգաբուի թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը չընկալուէր որպէս «one man show»։ Ան այդ աշխատանքին լծուած էր պատգամելու կամ ահազանգելու համար, բոլորին յիշեցնելու համար համայնքին հաւաքական պատասխանատուութիւնը Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարագային, որ եզակի դերակատարութիւն մը ունի մեր կրթական համակարգէն ներս։
Դժբախտաբար, այս բոլորով հանդերձ, համայնքային կարգ մը շրջանակներուն, մանաւանդ վարչայիններու հատուածի մը վերաբերմունքը չեղաւ համահունչ, արձագանգը չեղաւ համարժէք։ Երկանեան եւ ընկերները գործի գլուխ եկած էին համայնքի՛ն քուէներով, ազգի՛ն մէկ հաստատութեան ծառայելու, զայն տնտեսելու համար։ Մեղք, որ մեր հաւաքական տկարութիւնները ցաւալի դրսեւորում մը ունեցան Թոփգաբուի պարագային։ Համայնքային կարգ մը շրջանակներ սկսան այնպիսի վերաբերմունքի մը հետեւիլ, թէ կարծես Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը վերածուած ըլլար Մոնիք Երկանեանի սեփականութիւնը։ Այս երեւոյթը, անշուշտ, յառաջացաւ դիտումնաւոր, որովհետեւ պատրուակի մը վերածուեցաւ պատասխանատուութենէ խուսափելու համար։
Ուրեմն, ներկայ փուլը շատ կարեւոր է այդ թիւր տպաւորութիւնը յաղթահարելու տեսանկիւնէն։ Մոնիք Երկանեան այսօր թէեւ փոխանցած է իր սպասաւորութեան հերթը, սակայն ահա՛ կանգուն է Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը։ Հիմա թաղային խորհուրդը պիտի աշխատի թէ՛ պահպանել մօտաւոր անցեալի ձեռքբերումները եւ թէ ապացուցանել, որ ազգային այս կրթօճախին յարատեւութիւնը անկախ է անհատներէ։ Այդ ոսկէ միջինին գտնուիլը, ինքնաբերաբար, պիտի նշանակէ դպրոցին համար էական երաշխիք մը, յաչս հանրութեան պիտի ընկալուի հիմնական յենարան մը։
Առանցքային երկրորդ պարագան այն է, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը պէտք է գոյատեւէ ինքնուրոյն եւ այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունին համոզիչ հիմնաւորումներ։ Ճիշդ է, որ այսօր համայնքէն ներս հոսանք մը կայ վարժարաններու միացման ուղղութեամբ։ Սա կարգ մը դպրոցներու պարագային կրնայ ըլլալ յարմար ձեւ մը, եզր մը նպատակասլաց։ Բայց եւ այնպէս, ըստ երեւոյթին, Թոփգաբուի պարագային սա նախընտրելի տարբերակ մը չէ։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ինքնուրոյն գոյատեւումը ունի իր տրամաբանութիւնը։ Սկզբունքօրէն այստեղ կայ համայնքի բոլոր խաւերու զաւակներուն համար կրթութիւն ստանալու համահաւասար հնարաւորութեան ընձեռման խնդիրը։ Մնաց որ, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը նախընտրած աշակերտներուն ընդհանուր դիմագիծն ալ կը պարտադրէ անոր ինքնուրոյն գոյատեւումը։ Արդարեւ, իրենց զաւակները Թոփգաբու կ՚ուղարկեն այն ընտանիքները, որոնք գրեթէ ներգրաւուած չեն համայնքային կեանքին ու զիրար կը համարեն ճակատագրակից եւ այդ զգացումին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ՝ տղաքը կը վստահին Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Հետեւաբար, հաւանական միացումի մը պարագային անոնք բացարձակապէս կրնան զերծ մնալ իրենց զաւակները համայնքային վարժարան մը ուղարկելէ եւ նման պայմաններուն ներքեւ կրնայ ծագիլ ռիսք մը՝ մարդուժի անխուսափելի կորուստի մը առումով։ Աւելի՛ն, երբ այսօր մեր համայնքին առջեւ ուրուագծուած է եկամուտներու զգալիօրէն բարձրացման հեռանկարը, ի՞նչ իմաստ ունի մեր ամենահամեստ խաւերու ընտանիքներուն զաւակները զրկել՝ կրթութիւն ստանալու նման այլընտրանքէ մը։
Հուսկ, այս մարտահրաւէրները պէտք է անպայման դիմագրաւուին Թոփգաբուի թաղային խորհուրդին կողմէ՝ որպէսզի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գոյատեւման ենթակառոյցները ապահովուին միանգամընդմիշտ։ Գաղտնիքը պահուած է յամառութեան, համբերութեան, կամքի ու յանձնառութեան մէջ։ Բարի երթ թոփգաբուցիներուն՝ այս նոր շրջանին ընդառաջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024