ՄԱՅՐԵՆԻԻ ԴԵՍՊԱՆ
Բազմավաստակ կրթական մշակ ու պատմաբան Արմաւենի Միրօղլուի կողմէ հեղինակուած «Պոլսահայերը (1923-1939)» գիրքին շնորհանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Էսաեան սանուց միութեան մէջ։ Վերջին շրջաններու մեր մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ իսկապէս առանձնայատուկ հաւաքոյթ մը եղաւ այս մէկը թէ՛ մշակութային եւ թէ գիտական երեսակներով։ Ծանօթ է, որ Արմաւենի Միրօղլու մօտաւոր անցեալին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս պաշտպանած էր տոքթորականի թեզ մը եւ այդ աշխատանքին հիման վրայ ալ հրատարակուած էր այս գիրքը։ Մօտաւոր անցեալին Երեւանի մէջ, ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառէն ներս տեղի ունեցած էր շնորհանդէս մը եւ ի շարունակութիւն երէկ երեկոյեան ալ տեղի ունեցաւ քաղաքիս մէջ գինեձօն մը։
Երէկուան երեկոյթը բացառիկ նշանակութիւն ունէր թէ՛ Արմաւենի Միրօղլուին եւ թէ Էսաեանի ընտանիքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, համանուն վարժարանի սան եւ ուսուցչուհի Արմաւենի Միրօղլուի գիրքին շնորհանդէսը եկաւ բնորոշել համանուն սանուց միութեան հիմնադրութան 70-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շարքին սկիզբը։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, կրթական մշակներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ հիւրեր։ Այս շնորհանդէսը Էսաեանի ընտանիքին տեսակէտէ առիթ մը հանդիսացաւ՝ իր գնահատանքն ու համակրանքը արտայայտելու համար Միրօղլուի նկատմամբ։ Հետեւաբար, էսաեանցիները բոլոր ներկաները համարեցին ուրախակից, իբր այդ բոլորը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրըն-կալուեցան գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Երեւանէն հեղինակաւոր գիտնական մը՝ Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տեսուչն է։
Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ Մարիամ Տրամէրեանի հանդիսավարութեամբ։ Դպրոցի աշակերտներէն Մարկարիթա Սարտարեան եւ Էդգար Իգիթեան բացումին հանդէս եկան արտասանութիւն-նուագով մը։ Արմաւենի Միրօղլուի գիրքէն հատուած մը ընթերցեց հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Սաթար։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան նաեւ Սէրճան Կազերօղլու եւ Յակոբ Մամիկոնեան։
Արմաւենի Միրողլուի հեղինակած աշխատանքին շուրջ արտայայտուեցան Աշոտ Մելքոնեան եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Անոնց խօսքերը հանդիսացան երկու կարեւոր վկայութիւններ՝ բազմակողմանի գնահատականով եւ խորքային վերլուծումով։ Միրօղլուի գիրքին վերաբերեալ խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Երբ Արմաւենի Միրօղլու հանդէս եկաւ իր սրտի խօսքը արտասանելու՝ արդէն դէմ յանդիման նմաց անակնկալի մը։ Արդարեւ, Աշոտ Մելքոնեան Երեւանէն իրեն համար բերած էր պարգեւներ։ Այդ պարգեւներէն մին էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ իրեն շնորհուած «Մայրենիի դեսպան» կոչումը՝ վկայականով եւ յուշամետայլով։ Բաց աստի, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառն ալ այս շնորհանդէսին առթիւ յարմար դատած էր Արմաւենի Միրօղլուին շնորհել պատուոյ վկայական մը՝ պսակելու համար իր արձանագրած յաջողութիւնը։ Այս մթնոլորտին մէջ ան յուզումնախառն զգացումներով արտայայտեց իր խոհերը։
Ձեռնարկի աւարտին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Արմաւենի Միրօղլուի կատարած աշխատանքին շուրջ։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Արմաւենի Միրօղլու մակագրեց իր գիրքերը՝ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատուելով բոլոր ներկաներուն, մանաւանդ իր պաշտօնակիցներուն եւ գործակիցներուն կողմէ։
Թրքահայ կեանք
- 02/27/2025
- 02/27/2025