Ա. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀԱՅ ՍՊԱՆԵՐՈՒ ԵՒ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ
«Tarih Vakfı»ի նախաձեռնութեամբ հրատարակուող «Toplumsal Tarih» պարբերականի Մարտ ամսուան թիւը արդէն լոյս տեսած է ճոխ բովանդակութեամբ։ Պարբերականի այս ամսուան թիւը կը բովանդակէ հայոց տեսակէտէ հետաքրքրական յօդուած մը, որու հեղինակն է Այհան Աքթար։
«Առաջին աշխարհամարտին օսմանեան բանակին մէջ հայ զինուորներ» խորագրեալ այս յօդուածին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի մեծ պատերազմի նախորդած շրջանին եւ պատերազմի իսկ ընթացքին հայ սպաներու եւ զինուորներու կացութեան վրայ։ Օսմանեան Բ. Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ, 1909 թուականին ընդունուած օրէնքի մը հիման վրայ Օսմանեան պետութեան ոչ-մահմետական արական սեռէ քաղաքացիները եւս զինուորագրուած էին։ Այհան Աքթար հայ սպաներու եւ զինուորներու կացութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները ներկայացուցած է այդ երեւոյթի լոյսին տակ։
Թրքահայ կեանք
- 12/02/2024