ԱՐԱՄԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ վերջերս շրջայց մը կատարեցին դէպի Վոսփորի արեւելեան ափը։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Գանտիլլիի աստղադիտարանը, որ կը գործէ Պողազիչի համալսարանի հովանաւորութեան ներքեւ։ Այս գիտական կեդրոնէն ներս տղաքը հետաքրքրութեամբ հետեւեցան մասնագէտներու կողմէ իրենց տրուած բացատրութիւններուն։ Աստղադիտարանէն ներս աշակերտները այցելեցին նաեւ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին, ուր հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճիի եւ անդամուհիներէն Առլէթ Ինճիտիւզէնի կողմէ։ Տղաքը ջերմ ընդունելութեան արժանացան եկեղեցւոյ երդիքին տակ, ուր բացատրութիւններ ստանալու առընթեր կատարեցին մոմավառութիւն։

Խումբը, որ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի եւ հայերէնի ուսուցչուհի Թամար Մանկասարեանի ուղեկցութեամբ կատարեց այս այցելութիւնը, վառ տպաւորութիւններով վերադարձաւ դպրոց։

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024