Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ԷՍԱԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ
Էսաեան վարժարանի ներկայացուցիչ աշակերտները շաբաթավերջին մասնակցեցան «Պիլֆէն» նախակրթարանին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի վեցերորդ մրցաշարքին։ 128 վարժարաններէն 229 հոգի մասնակցեցաւ այս ծրագրին, որուն շրջագծով Էսաեանը ներկայացուցին Արիս Նշան եւ Տաւիտ Իւկէ։ Խմբային դասաւորման մէջ էսաեանցիները հանդիսացան երկրորդ։ Իսկ անհատական դասաւորման մէջ Տաւիտ Իւկէ հանդիսացաւ առաջին։
Հարկ է նշել, որ Էսաեանի ներկայացուցիչները այս մրցաշարքին համար մարզուած էին ճատրակի ուսուցիչ Սայաթ Թուղլաճըի կողմէ։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016