ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ
Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Իսթանպուլի Բ. շրջանի ընտրատարածքէն ներս ուշադրութիւն կը գրաւէ մեր համայնքին տեսակէտէ համակրելի անուն մը։ Այսպէս, ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած է Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ ներկայիս մտադիր է դէպի նոր հորիզոններ թեւածելու քաղաքական գետնի վրայ։ Այս անգամ եւս Մուսթաֆա Սարըկիւլ անմիջական շփման մէջ է իր ընտրողներուն հետ, կը փորձէ զգալ ընտրազանգուածին բազկերակը եւ այդ ամբողջին մէջ թրքահայ ընտրողներն ալ երբեք չեն մատնուիր անտարբերութեան։ Ընտրութիւններուն ընդառաջ Սարըկիւլ կը փորձէ աշխոյժ պահել իր շփումները մեր համայնքային շրջանակներուն հետ, որպէսզի կարենայ հերթական անգամ վայելել հայկական արմատներով քաղաքացիներուն զօրակցութիւնը։ Թէեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պայքարը շատ աւելի մեծ է ու զանգուածային, հետեւաբար թրքահայ ընտրողներու ազդեցութիւնը քաղաքապետական ընտրութիւններուն նման չէ։ Յամենայնդէպս, երկրէն ներս ստեղծուած մթնոլորտը հաշուի առնելով կարելի է միանշանակ համոզուիլ, թէ Մուսթաֆա Սարըկիւլի նման քաղաքական գործիչի մը տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկրի փոքրամասնութիւններուն զօրակցութիւնը ապահովելը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մուսթաֆա Սարըկիւլը, որ մեր այցելութեան փութաց իր վաղեմի գործակից Վազգէն Պարընի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Սարըկիւլ շեշտեց, որ միշտ հետամուտ պիտի ըլլայ քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութեան, բոլորի արդար իրաւունքներու հետապնդման։ Ան դիտել տուաւ, թէ կրօնամոլական եւ ազգայնամոլական հոսանքներուն դէմ ալ միշտ պիտի դրսեւորէ վերապահութիւն։ Մուսթաֆա Սարըկիւլ երեք շրջան՝ շուրջ տասնհինգ տարի ձեռնհասօրէն վարեց Շիշլիի քաղաքապետի պաշտօնը։ Սա եղաւ այնպիսի ժամանակաշրջան մը, երբ Մուսթաֆա Սարըկիւլ տեղական ինքնակառավարման մարմին մը ղեկավարելով հանդերձ, որպէս քաղաքական գործիչ՝ համակեցութեան խրախուսման ուղղութեամբ ունեցաւ փայլուն փորձառութիւն եւ չափազանց գնահատելի արդիւնք։ Ան փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն հետ վերաբերմունքը գերադասեց քաղաքական ընթացիկ հաշիւներէն եւ անոնց նկատմամբ զգայնութիւնը անպակաս եղաւ իր առաջնահերթութիւններու շարքին։ Հիմա այս պաշարով է, որ ան կը փափաքի ուղղուիլ դէպի խորհրդարան։