ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ 26-ՐԴ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի սկսի միջ­միու­թե­նա­կան պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շար­քը, որ ա­մէն տա­րի գար­նան շրջա­նին կ՚ար­ժա­նա­նայ հա­մայն­քի մար­զա­սէր շրջա­նակ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան։ Ի յի­շա­տակ Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեա­նի՝ այս տա­րի 26-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս մրցա­շար­քը, ո­րու հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Սա­մա­թիոյ մէջ։ Շուրջ մէ­կու­կէս ա­միս պի­տի տե­ւէ մրցա­շար­քը եւ այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին գրե­թէ ա­մէն շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած մրցում­նե­րով ան պի­տի հան­դի­սա­նայ ե­րի­տա­սար­դա­կան մեծ շար­ժում մը։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­շար­քի վի­ճա­կա­հա­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս տա­րի հե­տե­ւեալ խում­բե­րը մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն այս մրցա­շար­քին՝ Պէզ­ճեան, Տա­տեան, Ե­շիլ­գիւղ, Ֆէ­րի­գիւղ, Մխի­թա­րեան, Օր­թա­գիւղ, Դպրե­վանք, Սա­հա­կեան եւ Պո­մոն­թի Մխի­թա­րեան։ Ե­րէ­կուան վի­ճա­կա­հա­նու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան մաս­նա­կից սա­նուց միու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ար­դիւն­քին ար­դէն յայտ­նի դար­ձաւ մրցում­նե­րուն ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը։

26-րդ մր­ցա­շար­քի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը կը գլխա­ւո­րէ Ար­սէն Գո­վան։ Յանձ­նա­խում­բին կ՚ան­դա­մակ­ցին Նա­թա­լի Պայ­րաք­տա­րեան, Ար­տա Փնար­ճը, Ար­տէն Եա­նար, Ա­րի Քո­լան­ճեան, Թո­րոս Փեհ­լի­վան եւ Պու­րակ Մի­քա­յէ­լեան։

Ար­սէն Գո­վան հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, թէ այս տա­րի եւս հնա­րա­ւոր կ՚ըլ­լայ տե­ւա­կա­նաց­նել ա­ւան­դու­թիւ­նը եւ կազ­մա­կեր­պել Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած այս մրցա­շար­քը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մաս­նա­կից բո­լոր միու­թիւն­նե­րուն եւ նոյն­պէս շնոր­հա­կա­լու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը այս մրցա­շար­քին հա­մար բե­րած է իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րանն ալ ե­ղած է մրցա­շար­քի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հո­վա­նա­ւո­րը։ Ար­սէն Գո­վան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քի հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար, քա­նի որ մրցա­շար­քը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ։

Ե­րէ­կուան վի­ճա­կա­հա­նու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Թուր­քիոյ Պաս­քեթ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան Իս­թան­պու­լի Ի­րա­ւա­րար­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ռը­ֆաթ Պա­յըր, որ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ նոր կա­նոն­նե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015