ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈՒՔՐԷՇ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին կող­մէ խումբ մը շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Պուք­րէշ։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեա­նի կող­մէ ա­ռաջ­նոր­դուած խում­բը կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ Պուք­րէ­շի Ս. Հրեշ­տա­կա­պետ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Այս առ­թիւ խում­բը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­մա­նիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տա­թեւ Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի կող­մէ։ Օ­րուան քա­րո­զին մէջ ալ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ պոլ­սա­հա­յու­թեան կող­մէ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ տա­ծուած սի­րոյն վրայ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Պուք­րէ­շի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Համ­լէթ Գաս­պա­րեան։

Խում­բը ե­կե­ղե­ցիէն հրա­ժեշտ ա­ռաւ վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ան­մա­հա­ցան կա­տա­րուած նկա­րա­հա­նում­նե­րով։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015