ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԼՈՒԾՈՒՄ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւի նշանակման հարցը կը շարունակէ զբաղեցնել թրքահայ համայնքային շրջանակները։ Նախկին հովիւին աղմկայարոյց իրադարձութիւններէ վերջ հեռացման զուգահեռ՝ օրակարգի վրայ եկած էր նոր հովիւի մը նշանակման հարցը։ Մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարանը մտադրութիւն ունեցած էր այդ պաշտօնին կոչել՝ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանը։ Գումգաբուի շրջանակները այդ նշանակման վերաբերեալ մամուլի մէջ տեղ գտած հրապարակումներէն չափազանց անհանգստացած էին։ Ի շարունակութիւն՝ շրջանառութեան մէջ մտած էին անպաշտօն լսումներ, ըստ որոնց, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան չկամութիւն կը յայտնէր այդ դերը ստանձնելու դէմ։
Պատրիարքարանն ալ այդ նշանակումին մամուլի մէջ գտած արձագանգը ընկալած էր՝ որպէս հեղինակութեան հարց։ Ուստի, գործնականօրէն նոր հովիւի նշանակման գործընթացը չէ հասած տրամաբանական աւարտին։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր այս առաւօտ մեզի յայտնեց, թէ այս պահու դրութեամբ պաշտօնապէս եւ վերջնականօրէն նոր հովիւ մը չէ նշանակուած։ Իր խօսքով՝ նախկին հովիւը մեկնած է, իսկ իր յաջորդը տակաւին յայտնի չէ։ Ըստ ատենապետին, թաղային խորհուրդին ալ սրտով չէ եղած վեղարաւորի մը հովիւ նշանակուիլը, որովհետեւ Ֆէրիգիւղի նման հայահոծ թաղի մը մէջ յաճախ անհրաժեշտութիւն կը ստեղծուի, ննջեցեալներու պարագային բնակարաններ այցելելու, իսկ վեղարաւորները այս բանը արդէն չեն ըներ։ «Ուստի, մեր կարիքներու դիմագրաւման համար աւելի յարմար է՝ որպէս հոգեւոր հովիւ ունենալ աշխոյժ քահանայ մը՝ ի վիճակի կ՚ըլլայ թաղեցիներու կարիքներուն հասնելու եւ կ՚ունենայ լաւ խօսելու կարողութիւն», ըսաւ Մանուկ Էօղէր։
Ուստի, ատենապետին բացատրութիւններով, այս պահու դրութեամբ Ֆէրիգիւղի եկեղեցին ունի ժամանակաւոր հոգեւոր հովիւ մը՝ ի դէմս Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանի։ «Մեր առջեւը արդէն ամառ է, երբ ընդհանուր աշխուժութիւնը բաւական կը նուազի թաղին մէջ, որովհետեւ թաղեցիներու կարեւոր տոկոսը ամարանոց կ՚երթայ։ Ըստ երեւոյթին, ամրան ամիսները այս ձեւով պիտի անցնին ու նոր հովիւի վերջնական նշանակումը պիտի մնայ նոր եղանակի սկիզբին», աւելցուց Մանուկ Էօղէր։
Ի դէպ, ան շեշտեց, որ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան առողջական պատճառներով այս շաբաթավերջին պիտի չկարողանայ պատարագել եւ առ այժմ յայտնի չէ, թէ այս կիրակի ո՞վ պիտի ըլլայ պատարագիչը Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ։
Ծ.Խ.- Միջոց մը առաջ թերթս հաղորդած էր Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի նշանակման մասին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրապարակումէն վերջ, Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քնհյ. Ուզունեան խմբագրութեանս հետ կապ հաստատելով հարց տուած էր, թէ ի՞նչ եղած էր մեր հաղորդման աղբիւրը։ Ան անհանգստութիւն յայտնած էր՝ իրեն վստահուած ոլորտէն այսպիսի լրատուութեան մը արտահոսքին մասին։ Ի պատասխան՝ խմբագրութիւնս տեղեկացուցած էր, որ Պատրիարքարանը համայնքային մամուլին հետ շատ վատառողջ մտայնութիւնով մը կը շփուի, հովիւներու կամ այլ պաշտօններու նշանակումները պաշտօնապէս չեն հրապարակուիր եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ խմբագրութիւնս անպատեհ չէ նկատած հաւաստի լսումի մը հիման վրայ հրապարակումը։ Այժմ արդէն պարզ է, որ այդ լսումը եղած է ճի՛շդ, սակայն, տուեալ պահէն վերջ իրադարձութիւնները սկսած են այլ հունի մը մէջ հոսիլ։