ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՍԵՄԻՆ ԺՈՂՈՎ
Այս առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլահայ կրթական կեանքին տեսակէտէ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ 2015-2016 կրթական շրջանի սկիզբին ընդառաջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեսակցեցաւ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներուն հետ։ Վերամուտի սեմին Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցան ատենապետները այն մատակարար մարմիններուն, որոնք կը հովանաւորեն դպրոցներ, ինչպէս նաեւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի կրթական յանձնախումբին անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Համայնքային վաքըֆներու հարթակը։ Ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան իսթանպուլահայ վարժարաններու աշակերտութեան դիմագծին վերաբերեալ կարեւոր նիւթեր։ Քննարկումները զուգադիպեցան դպրոցական արձանագրութիւններուն նախորդող ներկայ ժամանակաշրջանին։
Միջոցէ մը ի վեր իսթանպուլահայ կրթական շրջանակները կը զբաղեցնէ էական խնդիր մը, որ կը վերաբերի անցեալի մէջ դաւանափոխ եղած (իսլամացած կամ իսլամացուած) հայկական արմատներով անձերու մերօրեայ դպրոցահասակ շառաւիղներուն համայնքային վարժարաններ ընդունուելուն։ Սա իսկապէս բարդ հարց մըն է եւ լուծումը կ՚ենթադրէ թէ՛ սկզբունքային եւ թէ մասնագիտական մօտեցում։ Դժբախտաբար, առանց այդ մօտեցումներու յստակեցման, առանց բաւարար չափով հասարակական քննարկումներու եւ մանաւանդ առանց շօշափելու իսթանպուլահայ ծնողներուն տրամադրութիւնը՝ կարգ մը վարժարաններու վարիչներ անհասկնալի ու հիմնազուրկ շտապողականութիւնով մը հանդէս կու գան այս հանգրուանին։ Անոնք կարծես կատարուած իրողութեան մը դէմ յանդիման թողուլ կը ձգտին մեր համայնքը։ Շրջանառութեան մէջ են լսումներ, թէ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի կրթական յանձնախումբի ժողովներուն կամ տնօրէններու հաւաքներուն ընթացքին բուռն վէճեր ապրուած են այս նիւթին շուրջ։ Ըստ միշտ անպաշտօն լուրերուն, կարգ մը դպրոցներ նոյնիսկ փորձնական գործադրութեան սկսելու վրայ են՝ առանց համայնքի ընդհանուր մօտեցումներու յստակեցման սպասելու։ Այդ վարժարաններու շարքին կը դասուին նաեւ Կեդրոնականն ու Դպրեվանքը։
Միջոց մը առաջ այս նիւթը արծարծուած էր Համայնքային վաքըֆներու հարթակի ժողովին ընթացքին։ Այնտեղ տեղեկացուած էր, որ Պատրիարքարանը նման պարագաներու մէջ անհրաժեշտ կը նկատէ աշակերտի թեկնածուներուն անպայման մկրտուած ըլլալը՝ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին, վարդապետութեան, կանոններուն եւ աւանդութեան համաձայն։ Ըստ երեւոյթին, կարգ մը վարժարաններու պատասխանատուները կ՚ընդդիմանան այս սկզբունքին ու կը ջանան ընթանալ այլ՝ ինքնագլուխ մօտեցմամբ։ Հետեւաբար, առկայ մթնոլորտին մէջ անհրաժեշտութիւն յառաջացած է՝ այս կենսական հարցին շուրջ Պատրիարքարանի մէջ ժողով մը կազմակերպելու եւ Աթոռին համապատասխան յորդորները ամենաբարձր մակարդակի վրայ կրկնելու կամ նոր ձեւաչափի մը պայմաններով փոխանցելու համար։
Ժողովին մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդենք մեր վաղուան թիւով։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024