ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԸ ՀՈՎԻՒ ԿԱՐԳԵՑ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք Զէ­քիեան ան­ցեալ Կի­րա­կի Թա­քսի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տոյց Ս. Պա­տա­րագ եւ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի գա­ւա­զան շնոր­հեց Հայր Վար­դան Գա­զան­ճեա­նին, որ Պէյ­րու­թէն ե­կած ըլ­լա­լով՝ մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ քա­ղա­քիս մէջ, Հայ Կա­թո­ղի­կէից  Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ Հայր Վար­դան Գա­զան­ճեա­նը հո­վիւ ու ժո­ղովր­դա­պետ կար­գեց Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։

Օ­րուան քա­րո­զին մէջ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Գրի­գոր Պետ­րոս Ի. Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիար­քին, ո­րու թոյլ­տուու­թեամբ Հայր Վար­դան Գա­զան­ճեան ծա­ռա­յու­թեան ան­ցած է Իս­թան­պու­լի մէջ։

Քա­րո­զին մէջ Զէքիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը մաղ­թեց, որ Տէր Յի­սուս զօ­րաց­նէ նոր ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տ Տ. Վարդան Գազանճեանը, զայն պահ­պա­նէ քաղց­րու­թեամբ, ամ­րաց­նէ օրհ­նու­թեամբ եւ բա­զում շնորհ­նե­րով ծաղ­կեց­նէ ա­նոր կեան­քը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016