Երկուշաբթի 23, Յունիս 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցութիւն բերաւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բարձր նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած նստաշրջանին։ Երէկ երեկոյեան Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Վեհափառ Հայրապետը ունեցան ջերմ հանդիպում մը եւ իրարու հրաժեշտ տուին։ Աւելի վերջ, ուշ գիշերին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով արդէն վերադարձաւ քաղաքս։
Ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացած էր Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2022