ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերջերս Թարգմանչաց տօնին ձօնուած հանդէս մը իրականացուցին թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։ Հոկտեմբեր ամսուան տեւողութեան տղաքը Հայ մշակոյթի եւ Գիրերու գիւտի վերաբերեալ զանազան աշխատութիւններու հետեւած էին։ Եզրափակիչ այս հանդէսին յայտագիրը ձեւաւորուած էր այդ աշխատանքներուն հիման վրայ։ Տղաքը յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Յայտագրի եզրափակիչ փուլին խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ՝ հայերէն լեզուի վերաբերեալ խմբերգներով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2022