ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՆՑԱՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին երկու օրերուն արժանացաւ մարզասէրներու ուշադրութեան։ Համայնքային տասնմէկ վարժարաններու մասնակցութեամբ, այս տարի դարձեալ կազմակերպուեցաւ հոգելոյս Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը, որ ութերորդն էր իր տեսակին մէջ։ Միջվարժարանային այս ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին աշակերտական խումբերը յաջող խաղարկութիւնով հանդէս եկան եւ մրցակցութիւն յառաջ տարին եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս տարուան մրցաշարքի հովանաւորը եղած էր Տատեան ընտանիքը։ Հոգելոյս Ալեքսան Տատեանի շառաւիղները կը կարեւորեն այս նախաձեռնութիւնը՝ երախտաշատ մարզիկի յիշատակը արծարծուած պահելու տեսակէտէ։
Երկօրեայ հանդիպումներու աւարտին մրցաշարքի ախոյեանը դարձաւ Եշիլգիւղի վարժարանի խումբը, որուն յաջորդեցին Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի եւ Գումգաբուի Պէզճեան Մայր վարժարանի խումբերը։
Մրցումներու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Բոլորը շնորհաւորեցին դափնեկիրներն ու մասնակիցները եւ ժամադրուեցան յաջորդ տարուան մրցաշարքին համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024