ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԸ

2014-2015 կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ստեղ­ծուած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած անդ­րա­նիկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ, ե­րէկ, այս դպրո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Ու­սուց­չա­կան կազ­մի, ծնող­նե­րու եւ հիւ­րե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ո­գե­ւոր մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ դպրո­ցէն ներս, մինչ տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։

Յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր վե­րահս­կո­ղու­թեամբ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­նե­րուն՝ Մար­գա­րիտ Ա­ւա­գեա­նի, Նո­նա Յա­րու­թիւ­նեա­նի եւ ի­րենց օգ­նա­կա­նին՝ Ալ­լա Կիւ­րե­ղեա­նի։ Փոք­րիկ­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց եր­գե­րով, պա­րե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։ Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին ա­նոնք ստա­ցան նաեւ ի­րենց խորհր­դան­շա­կան վկա­յա­կան­նե­րը։ Մինչ այդ, դպրո­ցի զօ­րա­կից մեր կրթա­սէր ազ­գա­յին­նե­րէն Յա­րու­թիւն Հո­րո­զօղ­լու յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նեց ա­նոնց։ Ծնող­ներն ալ ծաղ­կե­փուն­ջեր պատ­րաս­տած էին կրթա­կան մշակ­նե­րուն հա­մար։

Ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ժա­մա­նակ հա­տուած կար­կան­դա­կով ամ­րան ար­ձա­կուր­դի ու­ղե­ւո­րուե­ցան ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնք յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի հա­մալ­րեն վար­ժա­րա­նի ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի շար­քե­րը։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015