ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՄԵՐԳԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նո­րաս­տեղծ ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տան­քի անդ­րա­նիկ պտուղն էր այս հա­մեր­գը, որ մեծ յու­զում յա­ռա­ջա­ցուց Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին մօտ։ Ե­րե­կոյ­թը պա­տուեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ո­րու կող­քին էր Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ներ­կայ էին Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեան, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, թա­ղի յա­րա­կից մար­մին­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Բո­լո­րը լա­րուած ու­շադ­րու­թեամբ կը սպա­սէին փոք­րիկ­նե­րու ե­լոյ­թին։

Ձեռ­նար­կը բա­ցուե­ցաւ դպրա­պետ Սեդ­րակ Սրկ. Տա­վութ­հա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ եր­կու հանգ­րուան­նե­րով։ Նախ հան­դէս ե­կաւ փոք­րիկ­նե­րու ա­ռա­ջին խում­բը, որ կը բաղ­կա­նար ման­կա­պար­տէ­զէ մին­չեւ երկ­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէ։ Այս խում­բին վա­րիչն էր Իւ­միտ Սաք­ման, ո­րու մա­կա­նին ներ­քեւ տղա­քը ներ­կա­յա­ցու­ցին քա­նի մը երգ, Շանթ Էս­մէ­րի նուա­գակ­ցու­թեամբ։ Յե­տոյ հան­դէս ե­կաւ երկ­րորդ խում­բը, ո­րու կազ­մին մէջ կը գտնուէին եր­րոր­դէն մին­չեւ վե­ցե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու սա­նե­րը։ Այս խում­բի վա­րիչն է Յով­սէփ Գու­յում­ճեան, ո­րու մա­կա­նին ներ­քեւ փոք­րիկ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած եր­գե­րուն նուա­գակ­ցե­ցաւ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լու։ Յայ­տագ­րի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին եր­կու խում­բե­րը միաս­նա­բար ներ­կա­յա­ցու­ցին վեր­ջին եր­գը։

Մինչ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան ար­տա­սա­նեց օրհ­նու­թեան խօսք մը, այս նոր խմոր­ման պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ զօ­րա­կից­նե­րուն հա­մար Տնօ­րէն խոր­հուր­դին կող­մէ պատ­րաս­տուած գնա­հա­տագ­րե­րը յանձնուե­ցան ծա­փող­ջոյն­նե­րու ներ­քեւ։

Ա­ւե­լի վերջ «Ա­լա­ճա­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին երգ­չա­խում­բի փոք­րիկ­նե­րը ամ­րան ար­ձա­կուր­դին ըն­դա­ռաջ ա­ռար­կայ դար­ձան բո­լո­րի սի­րոյ զգա­ցում­նե­րուն։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015