ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Հոգեգալստեան տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 215-րդ տարեդարձին առթիւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան եկեղեցւոյ կառուցողներն ու բոլոր սատարողները, որոնց յաւիտենական խաղաղ նենջին համար աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած։ Արարողութիւններուն հետեւեցան նաեւ Էսաեան վարժարանէն սաներ՝ գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ արարողութեան եւս նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որու կողքին էր պատարագիչ հայր սուրբը։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմ եւ իր գործակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սիրոյ սեղանի բոլոր մասնակիցները։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ հատուեցաւ՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ հերթական անգամ գնահատեց Պէյօղլուէ ներս ծաւալուած աշխատանքները։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2022