ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի եւ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ յառաջիկայ 11 Հոկտեմբերին պիտի կատարուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Պէզճեան Մայր վարժարանին։ Այցելուները շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։
Արամ Սրբազան ընդառաջեց խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն՝ իրենց գործունէութեանց մէջ։