ՈՉ ԵՒՍ Է ԻՐՄԱ ՀԱՏԿԱԼՈՒՐԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի ներկայացուցիչներէն մին՝ Իրմա Հատկալուրեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս յարգանքի եւ սիրոյ առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր Իրմա Հատկալուրեան, որ Գատըգիւղի ընտանիքի մօտաւոր անցեալի յայտնի դէմքերէն մին եղած էր։ Բնիկ սկիւտարցի Իրմա Հատկալուրեան կողակիցն էր հոգելոյս Յակոբ Հատկալուրեանի, որ Գատըգիւղի իր շրջանի նշանաւոր «Քանարիա» վաճառատան սեփականատէրն էր։ Իրմա Հատկալուրեան եւ հոգելոյս ամուսինը մասնակցութիւն կը բերէին համայնքային ապրումներուն եւ հնարաւորինս կ՚աջակցէին մեր հաստատութիւններուն եւ անոնց ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկներուն։ Անոնք բախտաւորուած էին երկու զաւակով։
Նորոգ հանգուցեալ Իրմա Հատկալուրեան եւ ողբացեալ ամուսինը՝ Յակոբ Հատկալուրեան ընտանեկան սերտ բարեկամութիւն ունէին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երէցներէն հանգուցեալք Արա եւ Լիլի Գօչունեաններուն հետ։ Երկար տասնամեակներ անոնց իրարու մտերմութիւնն ու անմիջականութիւնը վայելած էին եւ բոլորն ալ մինչեւ իրենց կեանքին վերջը այդ յարաբերութեան ջերմութիւնը կրած էին իրենց սրտին մէջ։
Նորոգ հանգուցեալ Իրմա Հատկալուրեան՝ մասնաւորապէս ամուսնոյն կորուստէն վերջ, դժբախտաբար, ունեցած էր ցնցումներ։ Ան երկու զաւակներն ալ կորսնցուցած էր եւ կեանքի վերջին շրջանը անցուցած՝ մշտական սուգի տրամադրութիւնով։ Դժբախտաբար, իր կեանքի վերջալոյսին Իրմա Հատկալուրեանին բաժին հասած դառնութիւնները բնորոշեցին անոր յուզիչ նահանջը։
Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրատարակուի ընտանեկան մահազդով։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Իրմա Հատկալուրեանի հոգւոյն եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր բոլոր սիրելիներուն։