ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱՆԱՆՑ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ
Համաշխարհային կանանց օրուան կապակցութեամբ ձեռնարկ մը կայացաւ Էսաեան վարժարանէն ներս։ Այսպէս, աշակերտները նախ ներկայացան մշակութային յայտագրով մը, զոր պատրաստած էին ուսուցիչներ Թարա Տէմիրճիօղլու, Սեսիլ Քարահիսարիտիս, Ճանան Պուլկուր։ Ապա նախկին էսաեանցիներ Փրոֆ․ Տքթ․ Անահիտ Ճոշքուն, Տոց. Տքթ. Սօնա Մարտիկեան, օգնական տոցենթ Ալիս Կիւլեայլա-Կոստանօղլու, որոնք այժմ ակադեմական կեանքէ ներս կը գրաւեն կարեւոր տեղեր, արտայայտուեցան կանանց հասարակութեան մէջ ունեցած դերին մասին եւ խորհուրդներ տուին մասնակից աշակերտներուն, որոնք հարցումներ ուղղելու կարելիութիւնն ալ ունեցան բանախօսներուն։ Հիւրերը այս առթիւ գոհունակութիւն յայտնեցին Էսաեանի յարկէն ներս գտնուելու առթիւ։ Անոնք շեշտեցին, որ կիներ աւելի աշխոյժ դեր պէտք է ստանձնեն հասարակութեան մէջ։
Մասնակիցներու ուղղեալ շնորհակալական խօսք մը ուղղեց Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, որ շնորհաւորեց բոլորը Համաշխարհային կանանց օրուան կապակցութեամբ։