ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲԸ ՍԱՐՔԵՑ ԵԼԵԿՏՐԱԳՈՐԾ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ ՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի գիտական ակումբը լուրջ թափով յառաջ կը տանի իր աշխատանքները։ Վարժարանի բնագիտութեան ուսուցիչ Օսման Քըլըչէրի գլխաւորութեամբ իրականացուած է ծրագիր մը, որով դպրեվանքցիները սարքած են ելեկտրագործ ինքնաշարժ մը։ Սա մօտաւորապէս չորս տարուան աշխատանքի մը արդիւնքն է եւ դպրոցէն ներս ստեղծած է մեծ ոգեւորութիւն։ Վերջին երկու օրերուն ընթացքին Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն ներս այս ելեկտրագործ ինքնաշարժը արտասովոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Ուսուցիչներ՝ Սերքան Քըյըճը եւ Նայեադ Արսլան եւս բերած են իրենց մասնակցութիւնը այս ծրագրին համար։ Նկատի ունենալով, որ վերջին օրերուն Դպրեվանքի մէջ վարժարանի ծանօթացման հաւաքոյթներ տեղի ունեցան, անոնց ներկայութեամբ ելեկտրագործ մեքենային ծանօթացումը ունեցաւ աւելի լայն արձագանգ։ Համայնքային միջնակարգերու ութերորդ դասարաններէն աշակերտներ վերջին օրերուն այցելեցին Դպրեվանք, որպէսզի յաջորդ տարի իրենց յաճախելիք լիսէները ընտրելու ժամանակ լիարժէք պատկերացում ունենան իրենց այլընտրանքներուն առընչութեամբ։
Դպրեվանքցիները կը նախատեսեն յառաջիկայ տարիներուն եւս նման ծրագրեր կեանքի կոչել ու պատրաստակամ են մեր միւս վարժարաններուն հետ ալ համատեղ աշխատանքի։