ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ վերջերս գումարուած է հերթական ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքին հիման վրայ կազմուած է միութեան նոր վարչութիւնը։ 15-րդ համագումարի արդիւնքին ստեղծուած վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Ասլին Ուստաարամօղլու, Թորոս Փեհլիվան, Նաթալի Էօզքայա, Եսթէր Պիրոս, Ռոմինա Արման, Առէն Քարաշ, Օննօ Ճան Հիւլիար, Հայկուհի Փեհլիվան, Լինտա Շիրվան, Սէրտար Չաքան, Արի Աղտէրէ, Ատրինա Արսլան։
Ինչպէս ծանօթ է, Տատեան սանուց միութեան վարչութիւնը երկար տարիներէ ի վեր կը գլխաւորուէր Սեւան Նիզամեանի կողմէ, որ մեծ զոհողութիւններով ծառայութիւն մատուցած էր իր ընկերներուն հետ։ Առ ի գնահատանք իր երախտաշատ աշխատանքին՝ ընդհանուր ժողովի աւարտին Սեւան Նիզամեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։