Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԼԻՍԷՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային լիսէներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնց շաբաթավերջի համալսարանի մտից քննութիւններուն ընդառաջ տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Ըստ վերջին շրջանին ձեւաւորուած նախընթացին, աշակերտներուն մասնակցութեամբ նախ տեղի ունեցաւ աղօթք մը, որու աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց երիտասարդներուն հետ։
Հուսկ, լիսէական ընթացաւարտները եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին զիրար վայելեցին՝ փոխադարձելով բարեմաղթանքներ։
Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024