Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՇՈՒԷՏԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Շուէտի ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ՝ հոգեւոր առաջնորդներու, դիւանագէտներու, գործարարներու, մտաւորականներու, հասարակական գործիչներու եւ հիւրերու։ Շուէտական պալատին մէջ, Պէյօղլու, սարքուած ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորութիւններ յղեց Իսթանպուլի մօտ Շուէտի աւագ հիւպատոս Ճոհաննա Սթրէօմքուիստին։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024