ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Սամաթիոյ մէջ 2024-2025 շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի ունեցաւ՝ մինչ համայնքային շրջանակները համախմբուեցան բարձր տրամադրութեամբ։ Պատմական թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ յարակից Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը սարքուեցաւ կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ, որոնք տեղի ունեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուեցաւ Սամաթիոյ եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզին մէջ շեշտը դրաւ մարդակերտութեան վրայ՝ անդրադառնալով վարժարաններու դերակատարութեան։
Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան եւ միւս հոգեւոր հայրերը։ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ, հին եւ նոր թաղեցիներ ու հիւրեր համախմբուեցան սիրոյ սեղաններուն շուրջ, որու բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեան։ Այս տարուան մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբի համաատենապետներն էին Անթօ Քէօսէտաղ եւ Գատիմ Պիրոս։ Ներկաներուն խօսք ուղղեց նաեւ Անթօ Քէօսէտաղ, որ յայտնեց, թէ շուրջ 40 տարիէ ի վեր մեր համայնքէն ներս նուիրահաւաքման դրութիւնով վարժարաններու պիւտճէները կը հաւասարակշռուին, սակայն, միասնաբար վարուելով այս համակարգը պէտք է բարեփոխել։
Սահակեան-Նունեան վարժարանի աշակերտները զանազան ելոյթներով հանդէս եկան յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։
Երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ համայնքային վաքըֆները կրնան իրարու զօրակցութիւն ապահովել եւ այս ուղղութեամբ որեւէ արգելք գոյութիւն չունի։ Ան համոզուած է, թէ վարժարաններու պիւտճէի բացերու խնդիրը կրնայ լուծուիլ համայնքէն ներս համագործակցութեան ոգիով։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ելոյթով եւ միասնական աղօթքով եզրափակուեցաւ հաւաքոյթը։
Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը աւելի քան 27 միլիոն 500 հազար լիրայի պիւտճէի բաց մը յայտարարած էր երէկուան սիրոյ սեղանէն առաջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններու աւարտին, երէկ տեղեկացուեցաւ, որ այդ գումարին շուրջ 20 միլիոն լիրան հանգանակուած է։