ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յուշամատեանի շնորհանդէսին առթիւ։ Համավարակի հետեւանքով յապաղումով կազմակերպուած ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Պատուոյ հիւրերու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, բարերարներ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ եւ համակիրներ։
Դպրոցի սրահին մէջ օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Նաիրի Խաչիկօղլուի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը, վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը եւ նախկին տնօրէնուհիներէն Հերմինէ Պենլիօղլու, որ պատրաստած է յուշամատեանը։ Գիրքի մեկենաս Նուրհան Աքտեմիրի սրտի խօսքն ալ փոխանցեց Հերմինէ Չընար։
Գեղարուեստական յայտագրին մէջ մեներգներով հանդէս եկաւ Թաթիանա Պոստան, որուն դաշնակով ընկերացաւ Արի Պարութօղլու։ Դպրոցի սաներն ալ խմբերգներով, արտասանութիւններով եւ պարերով մասնակցեցան յայտագրին։
Եզրափակիչ փուլին յանձնուեցան շարք մը յուշանուէրներ։ Հերմինէ Պենլիօղլուին համար պատրաստուած յուշանուէրը յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ արտասանեց նաեւ հուսկ բանքը։