ՊՈՒԼԿԱՐ ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ ԷԿԶԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՇԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՒ ՈՒՐՈՅՆ ՔԷՐՄԷՍ ՄԸ

Քա­ղա­քիս Պուլ­կար Ուղ­ղա­փա­ռաց էկ­զար­քու­թեան մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ քէր­մէս մը։ «Քուքս քոռ­նըր չա­րի­թի պա­զար» մի­ջազ­գա­յին բա­րե­գոր­ծա­կան ցան­ցին կող­մէ կազ­մա­կերպուած ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­րոյն մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Այս ցան­ցը զա­նա­զան ազ­գու­թիւն­նե­րու խո­հա­նոց­նե­րը եւ ձե­ռա­գործ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ աշ­խար­հին եւ այդ հի­ման վրայ կը կազ­մա­կեր­պէ իր գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը։

Քա­ղա­քիս մէջ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէ­սին ըն­թաց­քին ալ ծա­նօ­թա­ցուե­ցան Հա­յաս­տա­նի, Հնդկաս­տա­նի, Էն­տո­նե­զիոյ, Մեք­սի­կա­յի, Թայ­լան­տի եւ Վիեթ­նա­մի խո­հա­նոց­նե­րը։ Ծրագ­րին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րանն ու Գա­րա­կէօ­զեա­նը։ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին կող­մէ կրթա­կան մշակ­ներ եւ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ վե­րահս­կե­ցին հա­մա­պա­տաս­խան տա­ղա­ւա­րը, իսկ Գա­րա­կէօ­զեա­նի տա­ղա­ւա­րին գլու­խը կը գտնուէին տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Այս եր­կու տա­ղա­ւար­ներն ալ ար­ժա­նա­ցան քէր­մէ­սի այ­ցե­լու­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Ա­նոնք թէ՛ համ­տե­սե­ցին հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի հա­մա­դամ­նե­րը եւ թէ ա­կա­նա­տես ե­ղան այն ձե­ռա­գործ ի­րե­ղէն­նե­րուն, ո­րոնք բա­նուած էին հայ­կա­կան զար­դե­րու, նախ­շե­րու տպա­ւո­րու­թեամբ։

Հարկ է նշել, որ այս քէր­մէ­սի հա­սոյ­թէն բա­ժին վի­ճա­կե­ցաւ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին։

 

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015