ՎԱՆԻ ՄԷՋ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

«Մե­զո­փո­թա­միա» բժշկա­կան միու­թիւնն ու Վան-Հաքքեա­րի բժշկա­կան հիմ­նար­կը միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պե­ցին բժշկա­գի­տա­կան, ա­տամ­նա­բու­ժա­կան եւ դե­ղա­գոր­ծա­կան ե­րեք ան­ջատ գի­տա­ժո­ղով­ներ։ 4-6 Յու­նիս թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ Վա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այս հա­ւաք­նե­րուն մաս­նա­կից դար­ձան 13 եր­կիր­նե­րէ ա­ւե­լի քան 700 մաս­նա­գէտ­ներ։ Մաս­նա­կից­նե­րու կար­գին էին եօթ հայ մաս­նա­գէտ­ներ. Ի­րա­քէն դե­ղա­գործ Մարիամ Սար­գի­սեան, ա­տամ­նա­բոյժ Տոց. Տքթ. Թո­րոս Ալ­ճան, Տքթ. Ա­րա Ու­ղուր­լուեան, Տքթ. Համ­բար­ձում Մեր­կե­րեան, Տքթ. Սար­գիս Ա­տամ։ Ա­նոնք ի­րենց զե­կու­ցում­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­յե­րէ­նով։

Գի­տա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին հրա­տա­րա­կուե­ցաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ուր կը յի­շա­տա­կուի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէ ներս ապ­րուած տա­ռա­պանքն ու ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը՝ շեշ­տե­լով մարդ­կա­յին կեան­քի եւ ա­ռող­ջու­թեան, ինչ­պէս նաեւ խա­ղա­ղու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015