ԿԱՐԵՒՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳ
Թրքահայ համայնքին կողմէ պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Իսթանպուլի կրթական տնօրէնութիւն, ուր կարեւոր օրակարգով խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Իսթանպուլի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր հիւրընկալեց համայնքային պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էին Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան, Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարգիս Սերոբ, Մխիթարեան լիսէի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու։ Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի կրթութեան տնօրէնութեան մասնաւոր վարժարաններու բաժանմունքի պետ Աթիլլա Մութլու եւ կրթութեան գծով փոխ-կուսակալ Մուսթաֆա Քայա։
Այս այցելութեան կապակցութեամբ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն տքթ. Ռաֆֆի Սիւզմէ մեզի փոխանցեց տեղեկութիւններ։ Այսպէս, երէկուան զրոյցի ընթացքին արծարծուած են՝ վարժարաններու հասարակաց քննութիւններու ժամանակացոյցին վերաբերեալ հարցեր։ Արդարեւ, Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը վերջին շրջանին տնօրինած է, որ երկրի բոլոր դպրոցները նոյնաժամանակ քննութենէ անցընեն իրենց սաները։ Բնականաբար, այս կարգադրութիւնը ի զօրու է նաեւ փոքրամասնութեանց պարագային՝ ներառեալ պոլսահայ վարժարանները։ Յամենայնդէպս, այս տարի քննութիւն նախատեսուած է 5-6 յունուար 2025-ին։ Այս թուականը համայնքային վարժարաններու աշակերտներու ծնողներուն կողմէ ողջունելի չէ եղած՝ քանի կը զուգադիպի Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններուն, որոնց թուականը անփոփոխ է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ համայնքային շրջանակներէն բարձրաձայնուած են անհանգստութիւններ՝ շփոթութեան յառաջացման հետեւանքով։
Երէկուան հանդիպումը կազմակերպուած է այս բոլորին արձագանգելու համար։ Բարձրաստիճան դիւանակալները համայնքային վարիչները վստահեցուցած են, թէ յառաջիկայ տարիէն սկսեալ անպայման հայ համայնքի տօնացոյցը հաշուի կ՚առնուի՝ հասարակաց քննութիւններու թուականներու սահմանման փուլին։ Իսկ այս տարի թրքահայ աշակերտներուն համար որեւէ խնդիր պիտի չյառաջանայ, որովհետեւ անոնք պիտի կարողանան մասնակցիլ այլընտրանքային թուականով քննութիւններու։
Համայնքային վարիչները Իսթանպուլի կրթական տնօրէնութենէն հրաժեշտ առած են՝ փոխադարձ ըմբռնման հասած ըլլալու դրական տրամադրութեամբ։