ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԵՐԿՈՒ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ այս տարի եւս ամրան շրջանին վերապատրաստման դասընթացքներ կազմակերպուած են սփիւռքահայ կրթական մշակներու համար։ Կը տեղեկանանք, որ այս տարի սոյն դասընթացքին մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն երկու ուսուցչուհիներ՝ Աննա Սարը Սեչքին եւ Լետա Ֆիտան։ Սփիւռքի զանազան շրջաններէն Հայաստան մեկնած կրթական մշակները այս առթիւ կը ծաւալեն արդիւնաւէտ աշխատանք։ Մասնագիտական գործունէութեան առընթեր անոնք նաեւ հնարաւորութիւն կ՚ունենան այցելելու Երեւանի թանգարանները եւ պատմամշակութային տեսարժան վայրերը։
Աննա Սարը Սեչքին եւ Լետա Ֆիտան անթերի այս կազմակերպութեան շրջագծով Երեւանի իրենց օրերը կ՚անցընեն բարձր տրամադրութեամբ՝ կատարելագործելով նաեւ իրենց գիտելիքները։ Անոնք կ՚արժանանան թէ՛ կազմակերպիչներու հիւրասիրութեան եւ թէ իրենց դասընթացքի մասնակից պաշտօնակիցներու ջերմ վերաբերմունքին։