«ՄԱՐԱԼ» ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Այս ուղեւորութեան ընդառաջ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքան եւ երիտասարդ ներկայացուցիչ Սելին Քոշան երէկ այցելեցին Պատրիարքարան։
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ զրուցելու ընթացքին համոյթի ներկայացուցիչները նշեցին, թէ «Մարալ»ի հիմնադրութեան 35-ամեակի յոբելենական շրջանին առիթ ընձեռուած է ելոյթ մը ունենալու համար Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով համոյթը ամսավերջին պիտի գտնուի Երեւանի մէջ։ Նկատի ունենալով, որ նոյն օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ Միւռոնօրհնութեան առթիւ պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ, համոյթի պատասխանատուները զինքը հրաւիրեցին մասնակցելու ելոյթին։
Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց համոյթին համար ընձեռուած այս կարելիութեան կապակցութեամբ, նաեւ բարի ճանապարհ ու յաջողութիւն մաղթեց «Մարալ»ի ընտանիքին։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024