ԽԱՉՎԵՐԱՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր ընկերները նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան, մասնակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց սկիւտարցիները, որոնք Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան՝ Խաչվերացի տաղաւարին ընդառաջ այցելութեան փութացած էին Պատրիարքարան։ Շաբաթավերջի աւանդական տօնակատարութիւններուն համար անոնք խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Սկիւտարի ընտանիքի ներկայացուցիչները միեւնոյն ժամանակ Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու արարողութիւններուն։ Թաղականները ներկայացուցին նաեւ եկեղեցւոյ տարեկան հաշուետուութիւնը եւ եկեղեցապատկան կալուածներուն կապակցութեամբ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։
Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, թէ սիրով պիտի ընդառաջէ իրեն ներկայացուած խնդրանքին։ Ան մասնաւորապէս իր ուրախութիւնը արտայայտեց ներկայացուած հաշուետուութեան շուրջ, յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ յղելով թաղային խորհուրդի գործունէութեան համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024