Կիրակի 22, Յունիս 2025
ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Թարգմանչաց տօնի շրջանին Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որուն հրաւիրուած էր դպրոցի սաներէն Արփէն Չընար, որ համացանցի աշխարհէն ներս վերջերս ուշագրաւ ձեռքբերումներ կ՚ունենայ։ Արփէն Չընարի մասնակցած ձեռնարկին ընթացքին տատեանցի սաները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Անոնք աւելի վերջ անմիջական զրոյցի մը ձեւաչափին մէջ լսեցին Արփէն Չընարը, որ ստեղծած է «Հայերէն փարոտի» կայքէջը։ Նոյն առթիւ գնահատանքի խօսք մըն ալ արտասանեց դպրոցի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըն։
Բաց աստի, Տատեան վարժարանի տղաքը գծագրութեան մրցոյթի մը մասնակցեցան՝ Թարգմանչաց տօնի իմաստին ու խորհուրդին մասին։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022