ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Հայաստանի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ Երեւանի մէջ այս առաւօտ ստորագրուեցաւ 2016 թուականի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը։ Հարկ է նշել, որ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Երեւան՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր նախարարը Երեւանի մէջ կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Սէյրան Օհանեան այս առաւօտ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր վրացի պաշտօնակիցը։ Աւելի վերջ տեղի ունեցան նախարարներու գլխաւորութեամբ ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Այս առթիւ Սէյրան Օհանեան եւ Թինաթին Խիտաշելի ստորագրեցին երկու երկիրներու այս տարուան ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը։ Օհանեան եւ Խիտաշելի հանդէս եկան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Կը հաղորդուի, որ երկու պաշտպանութեան նախարարները ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը։ Այս առթիւ քննարկուեցան Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները, միջազգային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերալ հարցեր, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Աւելի վերջ Հայաստանի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջազգային համագործակցութեան գծով պատասխանատու պաշտօնեաները ստորագրեցին 2016 թուականի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը։ 2010 թուականէն ի վեր ծրագրաւորուած հիմքով կ՚իրականացուին երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագրերը։ Այս տարուան համագործակցութեան հիմնական ուղենիշներն են փորձի փոխանակումը խաղաղապահութեան, ռազմական կրթութեան, մասնագիտական վերապատրաստման եւ ռազմավարական ծրագրաւորման ոլորտներէն ներս։
Թինաթին Խիտաշելիի պաշտօնական շփումները պիտի եզրափակուին վաղը։ Հիւր նախարարը Երեւանի մէջ իր կեցութեան շրջագծով կ՚ընդունուի նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։