Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՆԱԹՕ-Ի ԿՈՂՄԷ ԽՐԱԽՈՅՍ
Հարաւային Կովկասի գծով ՆԱԹՕ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէ Քոլոմինա յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի հիմքին դրուած ցարդ համաձայնեցուած սկզբունքները այս փուլին պէտք չէ փոխուին։ Իր խօսքով՝ դաշինքը կ՚աջակցի Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Քոլոմինա «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ ՆԱԹՕ-ի տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հիմնարար սկզբունքին նկատմամբ յարգանքը, որ դրուած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հիմքին։
Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2024