ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Իջեւան-Ղազախ հատուածէն ներս երէկ տեղի ունեցան հերթական բանակցութիւնները։ Սահմանազատման յանձնաժողովներու 6-րդ հանդիպումն էր այս մէկը։ Երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ գլխաւորեցին բանակցութիւնները։ Երեւանէն եւ Պաքուէն հրապարակուած նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւններուն մէջ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած։

Բանակցութիւններու այս վերջին փուլի ընդառաջ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնած էր, որ յանձնաժողովներու հանդիպումէն հայկական կողմը յստակութիւն կ՚ակնկալէ։ Արդարեւ, Երեւան եւ Պաքու տակաւին ընդհանուր յայտարարի մը չեն եկած քարտէսներու հարցին շուրջ։

Հայկական լրահոսին մէջ կը նշուի, որ Երեւան կ՚առաջարկէ սահմանազատումը իրականացնել երբեմնի Խորհրդային Միութեան ամենաթարմ՝ 1975 թուականի քարտէսներու հիման վրայ։ Մինչդեռ, Պաքու դէմ է այդ առաջարկին եւ այս մասին ներկայ տարեսկիզբին ալ յայտարարած էր ամենաբարձր մակարդակով։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս Ատրպէյճանին առաջարկած էր չյարձակման համաձայնութիւն մը ստորագրել։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ այդ առաջարկին։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան կայուն ու երկարաժամկէտ խաղաղութեան լաւագոյն երաշխիքն է՝ 2020-2023 թուականներուն Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած եռակողմանի համաձայնութիւններու իրականացումը։ Բանբերին խօսքով՝ սա անայլընտրանք ճանապարհային քարտէս մըն է, որ կը ներառէ նաեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակումը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2024