ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին տարիներուն կուտակուած տարաձայնութիւններուն կարեւոր մասը կը վերաբերի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վերաբերեալ յուսախաբութիւններուն։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ՀԱՊԿ-ի գծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Վիքթոր Վասիլեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի կառոյցէն դուրս գալու հարցը այսօր օրակարգի վրայ չէ։
ՌԻԱ Նովոստի գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան ըսաւ, որ ՀԱՊԿ-ի ուշադրութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է անցեալ տարուան նոյեմբերին տեղի ունեցած գագաթաժողովի ընթացքին առնուած որոշումներու իրականացման վրայ։ Այդ աշխատանքներուն կը մասնակցին դաշինքի բոլոր երկիրները։
«Ընդունուած փաստաթուղթերուն հայկական կողմը չէ մասնակցած։ Այժմ անոնք կ՚ուսումնասիրուին Երեւանի կողմէ։ Անոնցմէ քանի մը հատին վերաբերեալ հայկական կողմը համաձայնութիւն տուած է եւ այս բանէն կարելի է եզրակացնել, որ ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու մասին հարց մը չկայ», ըսաւ Վասիլեւ։
Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտնեց, որ ՆԱԹՕ-ի հետ մերձենալու ժամանակ Հայաստան պէտք է հաշուի առնէ իր երկարաժամկէտ շահերը։