Կիրակի 23, Փետրուար 2025
ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԱԽԱՐԱՐ
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս կը շարունակուին փոփոխութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերով Նախարարաց խորհուրդին մէջ նոր դէմք մը ընդգրկուեցաւ։ Այսպէս, Երուանդ Զախարեան ազատուեցաւ ուժանիւթի նախարարի պաշտօնէն եւ իրեն փոխարէն ուժանիւթի նախարար նշանակուեցաւ Լեւոն Եոլեան։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը մինչ այդ կը զբաղեցնէր Հայաստանի Վերահսկիչ պալատի փոխ-նախագահի պաշտօնը։
Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016