ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆԵՐՇՆՉՄԱՆ ԱՂԲԻՒՐ

Բնութեան ծանօթանալու համար երբեք ուշ չէ եւ բազում պատճառներ կան անոր մօտենալու, մտերմանալու համար։ Ըստ էութեան, բնութիւնը մարդիկ կը մղէ աւելի հանգիստ եւ երջանիկ զգալ։ Բնութեան հետ շփումը կրնայ հետաքրքրական ըլլալ՝ մեզ շրջապատող բոյսերը կամ կենդանիները դիտելու, անոնց մասին հոգ տանելու առումով։

Որոշ մասնագէտներու համար բնութիւնը նոր գաղափարներու ծնունդ կու տայ։ Այսպէսով անոնք կրնան բարելաւել շրջակայ միջավայրը, մարդոց եւ կենդանիներու առողջութիւնը, սնունդի որակը եւ շատ աւելին… Օրինակ՝ կան գիտնականներ, որոնք կ՚ուսումնասիրեն մեղուները՝ պարզելու համար, թէ իրենց արտադրելիք մարդամեքենաները ինչպէ՛ս կրնան խօսիլ իրարու միջեւ։

«BioInspired» կաճառը, որ հիմնուած է 2019 թուականին, վերջերս հրատարակած է հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ անդրադարձ կատարուած է, թէ բնութենէն ներշնչումը արդէն վաղուց գոյութիւն ունէր բազում ոլորտներէ ներս։ 15-րդ դարուն Լէոնարտօ տա Վինչի թռչուններու թեւերէն ներշնչուելով ստեղծած է թռչող համակարգեր։ Կարգ մը հիւանդանոցներ քորոնաժահրի համաճարակի ժամանակ սկսան օգտագործել շան նման մարդամեքենաներ՝ հիւանդներու հետ զրուցելու եւ անոնց պէտքերը հոգալու համար։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024