ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՐՁԱՆԸ ՊԻՏԻ ԶԵՏԵՂՈՒԻ

Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի կանգնեցուի ֆրանսահայ անմոռանալի հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։ Մայրաքաղաքի համանուն հրապարակին վրայ պիտի զետեղուի այս արձանը՝ ի նշանաւորումն Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, յուշարձանի նախագծի մրցոյթին մասնակից տարբերակներու արժեւորումէն վերջ յայտարարուեցաւ՝ յաղթական ճանչցուածը։ Աւելի քան 100 տարբերակներու միջեւ կատարուեցաւ ընտրութիւն մը։

Այս բոլորէն վերջ, Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ պիտի զետեղուի այն արձանը, որ ստեղծագործուած է Դաւիթ Մինասեանի կողմէ։

Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան յայտնեց, որ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի մինչեւ տարեվերջ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը կանգնեցուած ըլլայ՝ իր անունով կոչուած հրապարակին վրայ։

Իր կարգին, անմոռանալի Շարլ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր քանդակագործներուն, որոնք մասնակցած էին այս մրցոյթին։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024